Երեքշաբթի, 13 սեպտեմբերի վաղ առաւօտուն, ժամը 00.05-ին սկսած ազրպէյճանական յարձակումը Հայաստանի վրայ տեւեց մօտաւորապէս երկու օր ու դադրեցաւ առանց որեւէ գրաւոր զինադուլի յայտարարութեան: Յարձակումը տեղի ունեցաւ սահմանային վեց ճակատներու վրայ միաժամանակ: Վեց ճակատներէն երեքին պարագային ունեցանք հողային կորուստներ, որոնցմէ մէկը` Ջերմուկի շրջանին մէջ, ծաւալուն: Ազրպէյճանական ուժերը այժմ կը գտնուին Ջերմուկէն միայն չորսուկէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, կորսնցուցած ենք 8,5 քմ լայնքով եւ 7,5 քմ խորութեամբ հողատարածք (շուրջ 60 քառակուսի քիլոմեթր): Զոհերուն առժամեայ թիւը 135 է, վիրաւորներունը` անծանօթ: Հայաստան դիմեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջեց, դիմեց նաեւ ՀԱՊԿ-ին (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն), որուն գլխաւոր առաջնորդը Ռուսիան է, իսկ հերթական նախագահը` Հայաստանը: ՀԱՊԿ-ը նիստ գումարեց պատերազմի երկրորդ օրը, զայն դադրեցնելու կոչ ուղղեց, եւ փոխանակ Հայաստանին անմիջական զինական օգնութիւն տրամադրելու, որոշեց քննիչ պատուիրակութիւն ուղարկել: ՄԱԿ-ը եւս ժողով գումարեց, ուր եղան դատապարտումի արտայայտութիւններ զանազան երանգաւորումներով, եւ պահանջ` վերադառնալու օրինական սահմաններուն:
Ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ այս կարճատեւ, բայց Հայաստանի համար կորստաբեր պատերազմը: Ինչո՞ւ Հայաստանը զօրակոչ չյայտարարեց: Ինչո՞ւ ՀԱՊԿ-ը զինուորական միջամտութեամբ կամ զինամթերքի տրամադրումով չօժանդակեց Հայաստանին: Ինչո՞ւ Արեւմուտքը բաւականացաւ անբովանդակ կոչեր հրապարակելով. ինչուներուն շարքը երկար է, անհատնում: Պատասխաններն ալ կը հեղեղեն մամուլն ու յատկապէս երեկտրոնային հարթակները, պատմականէն քաղաքական, աշխարհաքաղաքական իմաստուն մեկնաբանութիւններով:
Այդ մեկնաբանութիւնները թողենք անոնցմով սնանողներուն մենք վերադառնանք մեր ածուին:
13 սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտուն Ազգային ժողովը նիստ ունէր: Այդ օրը խորհրդարան եկած էին նաեւ ընդդիմութեան պատգամաւորները: Ազգային ժողովը, իր ընթացիկ օրակարգը մէկդի դրած, կը պատրաստուէր ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւն հրապարակելու: Նման պարագաներուն, օրէնքը կը պարտաւորեցնէ Ազգային ժողովի նախագահին անունով կատարել յայտարարութիւնը: Վերջինը կը փափաքէր, որ յայտարարութիւնը ընդունուի միաձայնութեամբ, որուն համաձայն էր ընդդիմութիւնը, պայմանով սակայն, որ անոր խմբագրումը կատարուի համատեղ, նկատի ունենալով նաեւ իր տեսակէտները: Ասիկա իսկական միասնականութիւն ստեղծելու հանրաճանաչ պայման է, որ կը գործադրուի իրապէս ժողովրդավար երկիրներու կողմէ, երբ կը գտնուին ազգային աղէտի մը յանդիման: Անկարելի եղաւ ընդդիմութեան առաջարկած չորս կէտերէն որեւէ մէկը ներառել անատամ յայտարարութեան մէջ, եւ վերջապէս` անիկա որդեգրուեցաւ միայն մեծամասնութեան ձայներով:
Ազգային ժողովը չէր կրնար ընդունիլ որեւէ դիրքորոշում, որ կրնար թերեւս հակասել Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտին. Նիկոլ Փաշինեան եկաւ Ազգային ժողով, երկար զեկուցեց պատերազմի մասին, ապա պատասխանեց պատգամաւորներու խնամքով նախապատրաստուած հարցերուն: Եւ ահա՛, հարցումի մը պատասխանելով, Նիկոլ Փաշինեան զգայացունց յայտարարութիւն մը կատարեց եւ ըսաւ, որ ինք կը փափաքի ստորագրել այնպիսի համաձայնութեան մը տակ, որուն պատճառով պիտի քննադատուի շատերուն կողմէ, պիտի նկատուի դաւաճան, որուն պատճառով ժողովուրդը զինք իշխանութենէն պիտի հեռացնէ. կարեւոր չէ, թէ այդ պարագային ի՛նչ կը պատահի իրեն, եթէ կ՛ապահովուի 29850 քառակուսի քիլոմեթր Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ երկարատեւ խաղաղութիւնը: Ինչպէ՞ս կը թարգմանուի այս յայտարարութիւնը, որ «խաղաղութեան դարաշրջանի» յղացքին ամփոփումն է: Արցախը կ՛ընդունինք իբրեւ Ազրպէյճանի մաս (Ազրպէյճանի պահանջուած հողային ամբողջականութիւնը), սահմանազատումը կը կատարենք Ազրպէյճանի պահանջին համաձայն, ուղիներու բացման եւ ապաշրջափակման պատրուակով կը համաձայնինք Ազրպէյճանին տրամադրել պահանջուած միջանցքը: Կ՛ազատինք բոլոր խնդիրներէն եւ կ՛ապրինք խաղաղ ու երջանիկ:
Ընթացող պատերազմին պատճառները բացայայտող այս դիրքորոշումը եւ վճռական հաստատումը Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որ ինք անպայման կը ստորագրէ այդ համաձայնագիրը, Երեւանի ու Ստեփանակերտի մէջ ինքնաբուխ կերպով հրապարակ բերաւ բողոքի տասնեակ հազարաւոր հայեր, Նիկոլ Փաշինեանն ու իր անմիջական գործակիցները փութացին հերքել ըսուածը` փորձելով համոզել, որ յայտարարութիւնը… սխալ մեկնաբանուած է, որ ո՛չ ստորագրուած, ո՛չ ալ ստորագրութեան պատրաստուող համաձայնագիր կայ: Բայց, իրապէ՞ս չկայ. չկա՞յ բանակցուող խաղաղութեան պայմանագիր Ազրպէյճանի հետ, չկա՞ն բանակցութիւններ Թուրքիոյ հետ, որ իր համաձայնութիւնը կը պայմանաւորէ ի նպաստ Ազրպէյճանին կատարելի զիջումներով:
«Խաղաղութեան դարաշրջանի»-ի գոյառումը ընթացքի մէջ է. Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէ, որ զայն իր աւարտին պիտի հասցնէ, որմէ ետք իր դերը կ՛աւարտի: Հիմա այլեւս հայեացքները ուղղուած են Նենսի Փելոսիի եւ իր պատուիրակութեան այցելութեան վրայ: Ոմանք կը հաւատան ամերիկեան հզօր զօրակցութեան եւ օժանդակութեան առկայութեան: Ամերիկեան շահերը, որոնք միտուած են Ռուսիան, Իրանը եւ Չինաստանը շրջափակելու ու տկարացնելու, որքանո՞վ համահունչ են փոքրիկ ու տկար Հայաստանի շահերուն, որ դատապարտուած է թշնամիներով շրջապատուած` խուսանաւելու ու ինքզինք պաշտպանելու մշտապէս ճանապարհներ որոնելու:
Լուծում, կա՛յ լուծում: Հայաստան պէտք է օժտուի, իր մտաւոր ներուժի ամբողջական ընդգրկմամբ, ազգային շահի գիտակցութիւն ունեցող, ազգը միաւորող ազգային միասնականութեան կառավարութեամբ մը: Հայաստանը կորստաբեր հողմերէն պաշտպանելու արդիական ճանապարհը այս է, որ շատոնց հասունցած պտուղ է, որ չի քաղուիր քաղող ձեռքերու անբաւարարութեան պատճառով:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com