ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
31 Օգոստոսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի 4-րդ հանդիպումը՝ միջնորդութեամբ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի։
Նոյն օրը, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ երկու երկիրներու փոխ վարչապետներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները՝ միջնորդութեամբ Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսանտր Օվերչուքի։
Այստեղ մենք մեզ կը գտնենք դիւանագիտական որոշակի զարտուղութեան մը առջեւ: Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոպական խորհուրդի միջնորդութեամբ, իսկ, սկզբունքով այդ ընդհանուր համաձայնագիրի մէկ մասը եղող, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցին շուրջ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Մոսկուայի մէջ՝ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ։
Նշեալ զարտուղութիւնը բնականաբար երկար չէր կրնար գոյատեւել եւ սահանազատման ու սահմանագծման հարցը ի վերջոյ պէտք էր մաս կազմէր խաղաղութեան ընդհանուր համաձայնագիրի շուրջ բանակցութեան: Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի յաջորդ հանդիպումը գումարել Պրիւքսէլի մէջ՝ Նոյեմբերին։ Նոյն ատեն համաձայնութիւն գոյացաւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակել առարկայական բանակցութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու նախագիծի մշակման շուրջ։ Նշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մէկ ամսուան ընթացքին, իսկ ղեկավարներու ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնախումբի ժողովին նման, տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին։
Այսպիսով դիւանագիտական այդ զարտուղութիւնը սրբագրուած պիտի ըլլայ, սակայն, ի վնաս Ռուսիոյ, որ պիտի մեկուսացուի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հոլովոյթէն ու զրկուի միջնորդութեան դափնիէն։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ի զուր չէր, որ 31 Օգոստոսին, նոյն օր նախատեսուած պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպումէն առաջ շատ կոշտ կերպով հակազդեց նշելով. «Մեր կարծիքով, ասիկա որեւէ կապ չունի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու իրական ցանկութեան հետ: Ես պիտի ըսէի, որ եւրոպացիներու այս կեղծ նախաձեռնութիւնները աւելի նման են միջնորդութեան դափնիները անամօթաբար իւրացնելու փորձի, որուն տակ ոչինչ կայ»։
Վերջին շրջանին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերակենդանացման գաղափարին իր զօրակցութիւնը շարունակ ընդգծող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել, իր կարգին եռակողմ հանդիպումի նախօրեակին Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց՝ «աշխուժացնելու իրենց դիւանագիտական աշխատանքը եւ հասնելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի»: Ուաշինկթըն, ուքրայինական հակամարտութեամբ պայմանաւորուած ներկայ ճակատումի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ եւ Ռուսիոյ առաւելագոյն վնաս պատճառելու քաղաքականութենէն մեկնելով ՝ բնականաբար կը զօրակցի, որեւէ բանի, որ Ռուսիոյ վնաս կը պատճառէ։
Այն իրողութիւնը, որ պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յստակ պարտականութիւն կը տրուի մէկ ամսուան ընթացքին աշխատելու երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը վրայ, մտածել կու տայ, որ անոնց պարտականութիւն տրուած է պատրաստել համաձայնագիրի նախագիծ մը ու զայն Պրիւքսէլի մէջ Նոյեմբերին նախատեսուած եռակողմ 5-րդ հանդիպումին աւարտին կնքուելու համար ներկայացնել իրենց երկիրներու ղեկավարներուն։ Մինչ այդ, ինչպէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ.- «կարեւոր է երկու կողմերու բնակչութիւնը պատրաստել երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան»։
Ստեղծուած է կացութիւն մը, ուր Միացեալ Նահանգներ կողմնակից են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին, Եւրոպական խորհուրդը՝ անտեսելով այդ ձեւաչափը առերեւոյթ ինքնագլուխ կը գործէ, Ռուսիան ու Ատրպէյճանը բացայայտ կերպով դէմ են այդ ձեւաչափին, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները խօսքով կը զօրակցին այդ ձեւաչափին, սակայն գործնականին մէջ, դէմ չեն հայ-ատրպէյճանական տագնապին այլ ձեւաչափերու ճամբով լուծման։
Աւելին, Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը՝ Ռուսիոյ կը ներկայացնեն երկընտրանք մը՝ կա՛մ ընդունիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերականգնումը եւ այդ ձեւաչափի վերականգնմամբ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ազդեցութեան որոշ չափով նուազումն ու համանախագահներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ հակակշռումը, կա՛մ ալ պրիւքսէլեան ձեւաչափը իր ընթացքը կը շարունակէ՝ մեկուսացնելով կամ առնուազն միջնորդի դափնիէն զրկելով ու քաղաքական գետնի վրայ խոցելով Ռուսիան։
Մոսկուան, սակայն, իր զինանոցին մէջ ունի երրորդ ընտրանք մը՝ պրիւքսէլեան հոլովոյթի տապալումը։ Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր 2 Սեպտեմբերին Լաւրով-Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, ըստ ռուսական կողմի հրապարակած հաղորդագրութեան, 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման եւ հեռանկարներու քննարկումը։
Ռուսիան ունի աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէն «հակառուս» եղող պրիւքսէլեան ձեւաչափը տապալելու կարողութիւնը եւ բանակցութիւններու ընթացքին, օրինակ կրնայ Արցախի անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրման վրայ ծանրանալ։
Յամենայն դէպս, յստակ է, թէ յառաջիկայ երեք ամիսներուն պէտք է մօտէն հետեւիլ պրիւքսէլեան յառաջիկայ եռակողմ հանդիպումը նախորդող զարգացումներուն։
«Հայրենիք»