05.08.2022
|
||
---|---|---|
USD | 406.14 +0.19 | |
GBP | 493.05 -1.23 | |
EUR | 415.64 +1.98 | |
GEL | 149.87 +0.49 | |
RUB | 6.71 -0.02 |
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջանը խստօրէն կը դատապարտէ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ՀՀ-ի իշխանութիւններուն գործած կոպիտ սխալը՝ հայրենազրկել Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ, Հայաստան-Սփիւռք յառաբերութիւններու ջատագով բազմավաստակ ազգային-հասարական գործիչ Մուրատ Փափազեանը: Հեքնական ու ցաւալի է, որ Հայրենազրկողը Թուրքն ու Ազերին չէ, այլ՝ հայրենի իշխանութիւնները: Այնքան ատեն, որ չկան փաստացի դատաիրաւական գործընթացներ, որոնք կ՛արդարացնեն նման անհամաչափ ու հակաժողովրդավարական որոշում մը, սոյն քայլը՝ պարզապես բռնապետական ու ապազգային նոր գագաթ նուաճելու դրսեւորում մըն է:
Մէկ կողմէ ՀՀ-ի ապագագային ու պետականակործան իշխանութիւնները Արցախի հիմնահարցի գծով նշաձող կ՛իջեցնեն, խաղաղութեան խաբկանքին տակ հայ մարդուն արժանապատւութիւնը կը խոցեն ու պետականութիւնը կը վտանգեն, միւս կողմէ բռնապետութեան նշաձողը կը բարձրացնեն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ արդէն իսկ առկայ սեպը կը խորացնեն: Նման դատապարտելի արարքներ միայն ու միայն հակահայ շրջանակներու ջրաղացին ջուր կը լեցնեն ու ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն հայրենիքի ու մեր ժողովուրդին բարօրութեան ու վերելքին:
Հարկ է նշել, որ ՀՀ-ի հայրենազրկող իշխանութիւնները ուշ կամ կանուխ քնայուն են, իսկ հայրենիքն ու պետականութիւնը մնայուն արժէքներ: Փափազեանին ու իր գաղափարակից ընկերներուն, հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հայրնեազրկուիլը, բանտարկուիլը, հալածանքի ենթարկուիլը, հաստատ ժամանակաւոր են, ապարդիւն ու ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունին անոնց հայանպաստ, ազգանուէր ու պետականմետ գործունէութեան վրայ:
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէ
14 Յուլիս 2024