Ապրիլ 12-ին, Իրաքի Հայ դատի մարմինը, ընկերակցությամբ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, այցելել է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
«Իրաքի հայ դատի մարմինը ամփոփ գիծերով Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր աշխատանքները։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը իր մտածումները պարզեց եւ թելադրութիւնները կատարեց իսլամական աշխարհին մէջ հայ դատի աշխատանքները աւելի ազդու կերպով կազմակերպելու գծով, յատկապէս նկատի ունենալով միջավայրին առնչուած քաղաքական ու կրօնական մօտեցումներն ու զգայնութիւնները:
Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց թէ՛ իսլամական աշխարհին մէջ եւ թէ՛ ընդհանրապէս հայ դատի մարմիններուն կատարած աշխատանքը մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն հետապնդման ուղղութեամբ»: