ՀՅԴ պատվիրակությունն այցելել է Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ. հոգևոր տիրոջը:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին առընթեր ներկայ էին նաեւ Պէյրութի մէջ գործող ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէներու ներկայացուցիչները:
Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն իր հետագայ գործունէութեան մէջ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու Հայաստանի, սփիւռքի եւ Լիբանանի իրավիճակին, վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ լիբանանեան ճգնաժամերուն մասին:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութիւններով Հայ դատի յանձնախումբերուն տարած աշխատանքներուն:
Հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնելով շեշտեց հետեւողականօրէն միասնական աշխատանքներով դիմագրաւել հայութեան դէմ ծառացած մարտահրաւէրները»: