Երեկ ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Խաչատրյանը ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչ, պատգամավոր Հակոբ Բագրատունու եւ Կենտրոնական կոմիտեի անդամ Հակոբ Հավաթյանի հետ այցելել է Հայ կաթողիկե պատրիարքարան եւ հանդիպել Տանն Կիլիկիո կաթողիկե հայոց Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքի հետ:
«Խաչատրեան նախ շնորհաւորեց հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Արցախի ներկայ ճգնաժամային կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համահայկական օրակարգերու: Ազգային արժէքներու եւ հայկական ինքնութեան պահպանումը դարձան առանցք նաեւ հանդիպումին արծարծուած մտածումներուն:
Արթուր Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի, այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ: Վեր. Գարակէօզեան անդրադարձաւ հայ աւետարանական համայնքի Հայաստանի ու Արցախի մէջ ծաւալած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաքելութեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ազգային ներկայ հիմնախնդիրները:
Արթուր Խաչատրեան այցելեց նաեւ Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի հետ: Սրբազանը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ հանդիպումը առիթ դարձաւ արծարծելու արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք համայն հայութեան ապրած ծանր հոգեվիճակը, եւ շեշտը դրուեցաւ պարտուողական այդ հոգեբանութենէն արագօրէն դուրս գալու եւ հայութեան պայքարելու կամքն ու կորովը վերահաստատելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Իր հանդիպումներու ծիրին մէջ Խաչատրեան այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Քաղաքապետը անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ այսօրուան ճգնաժամին մէջ բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն` հաստատելով, որ քաղաքապետութիւնը, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, կը փորձէ իր կարելին ի գործ դնել Պուրճ Համուտի ժողովուրդի կարիքներուն անսալու համար:
Քաղաքապետին հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Արթուր Խաչատրեան գնահատեց լիբանանահայ համայնքի կազմակերպ աշխատանքը եւ տնտեսական ու առողջապահական ճգնաժամերու յաղթահարման համար անոր ցուցաբերած վճռակամութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը, ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս ի վիճակի է դարձեալ վերագտնելու իր կենսունակութիւնը եւ համահայկական օրակարգերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի համար մնալու պատնէշի առաջին դիրքերու վրայ:
Երեկոյեան Արթուր Խաչատրեան, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, այցելեց Այնճար: Տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում. ան զեկուցեց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ ճգնաժամային կացութեան մասին: Խաչատրեան այցելեց Այնճարի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամները: Խաչատրեան այցելեց նաեւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տուն»: