Հոկտեմբերը միայն հայ մշակույթի ամիս չէ, այլ նաեւ՝ պահանջատիրության, ճանաչման եւ հատուցման: Վաղը՝ հոկտեմբեր 23-ին տեղի կունենան Հայ Դատի ԱՄՆ-ի Արևելյան հանձնախմբի 15-րդ ամյակի հանդիսավոր միջոցառումը: Ֆիլադելֆիայում, որտեղ ստորագրվել է Միացյալ Նահանգների անկախության հռչակագիրը և ծնվել՝ Սահմանադրությունը, պիտի մեծարենք Արեւելյան ԱՄՆ-ի Հայ Դատը, գրում է «Հայրենիք» շաբաթաթերթը:
«Բեմահարթակ բարձրացող եւ շքանշան ստացող անձերը կը փոխուին, սակայն իսկական մեծարուողը՝ Հայ Դատը կը շարունակէ իր տաժանակիր պարտականութիւնը:
Առաջին քայլերը առնուած են 1940-ականներուն, ապա, 1960-ականներէն սկսեալ ծաւալած է Հայ Դատի գործունէութիւնը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակի նախօրեակին: Յաջորդող տարիներուն, անոր գործունէութիւնը արմատ նետած զանազան երկիրներու մէջ, իսկ այսօր միջազգային կառոյց մըն է Հայ Դատը:
Այո՛, Հայ Դատի յանձնախումբը ամերիկեան բառամթերքով լոպպիինկի լծուած է, տիրութիւն կ’ընէ հայութեան իրաւունքներուն, տեսակէտներ արտայայտելով, հաւաքներ կազմակերպելուվ, դժգոհութիւնները կառավարութեան հասցնելով:
Հայ Դատի յանձնախումբը մեր Դատը դէպի կենսագործում մղելու աշխատանքին լծուած է, դատ մը, որ անմիջականօրէն կը հետաքրքրէ աւելի քան երկու միլիոն ամերիկահայեր, սակայն չի սահմանափակուիր այս համայնքով։
Իբրեւ երկրի սահմանադրական ազատութիւնները վայելող համայնք, աչքի առջեւ ունենալով դաշնակցային համակարգին մէջ փոխադարձ հակակշիռները, ինչպէս նաեւ երկրի արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւններն ու անոր արդիւնք՝ ձեւաւորող տուեալները, Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակներն են, որոնք մրջիւնի նման անաչարօրէն գործելով կրցած են շինիչ փոփոխութիւններ մտցնել օրէնսդիրի ու գործադիրի քաղաքականութեան մէջ:
Հայ Դատի մտասեւեռումը եղած է արդիւնք ձեռք բերել, եւ այդ նպատակով, քաղաքական համայնապատկերին մէջ բազմաթիւ կարելիութիւններ լծակի կը վերածուին, որպէսզի ճշդուած նպատակները իրագործուին։ Ցայտուն օրինակն է հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ Ծերակոյտին կողմէ, եւ անոր յաջորդած՝ նախագահ Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը: Շնորհիւ Հայ Դատի հետեւողական աշխատանքին, գործադիր իշխանութիւնը միացաւ օրէնսդիրին. Միացեալ Նահանգներու մէջ այլեւս ոչ ոք կրնայ հերքել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Հրաշք չէր Քոնկրէսին մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերուն գրեթէ միաձայնութեամբ քուէարկումը։ Ատիկա ուղղակի արդիւնքն էր ժողովուրդի մակարդակով այն աշխատանքին, որ յանձնախումբը
կազմակերպած էր տասնամեակներէ ի վեր։ Այլ խօսքով, մեր ժողովուրդը իւրաքանչիւր քայլափոխի հետեւեցաւ եւ ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերեց Հայ Դատի նուիրեալներուն, որոնք, առանց ժողովուրդի աժակցութեան, հաւանաբար չկարենային նման շօշափելի արդիւնքի հասնիլ:
Հայ Դատը կը գործէ նաեւ Հայաստանի ու Արցախին համար: Յատկապէս Արցախի պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանք կը տանի դիւրացնելու դաշնակցային օրէնսդիր եւ գործադիր պաշտօնատարներու ճամբորդութիւնը դէպի Արցախ եւ հաղորդակցիլը տեղւոյն իրենց պաշտօնակիցներուն հետ:
Դեռ վերջերս, Ստեփանակերտի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ Դատի նորակառոյց գրասենեակին, որ նոր թափ պիտի ներարկէ այս աշխատանքներուն:
Հայաստանը եւս կարեւոր տեղ ունի Հայ Դատի օրականգին վրայ: Յիշատակենք միայն այն ճիգը, որ ի գործ կը դրուի՝ Ի նպաստ Հայաստանի ամերիկեան օժանդակութեանց ապահովման, նուազումը արգելակելու եւ, տակաւին, Ազրպէյճանի տրամադրուած նպաստները սահմանափակելու ուղղութեամբ: Այս բոլորը կը կատարուին առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ:
Երբ կը նայիք Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, թէ Արցախի հիմնահարցին գծով տարուող աշխատանքներուն, իւրաքանչիւր գլխաւոր ճիգի ետին կանգնած է Հայ Դատի
յանձնախումբը իր հազարաւոր զօրակցողներով եւ կամաւորներով՝ ամբողջ երկրի տարածքին»։
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com