ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանի ուղերձը.
«Մեծապէս ողջունելի է այս համահայկական միասնականութիւնը, որ էական գրաւականն է մեր յաջողութեան: Ամէն գնով պիտի գուրգուրանք ու ամրապնդենք այդ միասնականութիւնը մեր հայրենիքէն ներս ու Սփիւռքի տարածքին. սա լաւագոյն փաստն է որ ճգնաժամի պահուն ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած, մենք ատակ ենք բռնցքուելու եւ փարելու մեր հայրենիքին ու հայութեան պաշտպանութեան սրբազան գործին»: