4 երկար ամիսներ արդէն անցած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկիզբէն (առաջին վարակուած հիւանդի պարագան 1 Մարտին էր): Այսօր Հայաստանի մէջ Covid-19ի պատճառով մահացածներուն թիւը արդէն անցած է 200ը, իսկ վարակուածներուն թիւը հասած է անընդունելի 15,000ի. իսկ հայ հասարակական գիտակցութիւնը եւ «հայ քաղաքական միտքը» ընդհանրապէս կարծէք բացակայ են այս տագնապի հարթակէն: Քաղաքացիներ կը շարունակեն իրենց անզգոյշ ընթանքը՝ վտանգելով լայն հասարակութիւնը եւ նոյնիսկ մեր պետութիւնը: Իսկ կառավարութեան որդեգրած համաճարակին դէմ պայքարի քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մնալ ոչ-գոհացուցիչ:
Համաճարակէն մահացածները հայրենակիցներ են, մարդ արարածներ, մայրեր, հայրեր, եղբայրներ եւ քոյրեր, եւ ոչ պարզ հարցախոյզային տուեալներ: Արդէն մեզի ծանօթ անուններ սկսած ենք տեսնել զոհերու եւ վարակուածներու ցանկին վրայ:
Ես որոշած էի այս հարցը մարդկութեան այս ճակատագրական օրերուն «չքաղաքականացնել», բայց կարծէք կարելի պիտի չըլլայ համակերպող լռութեան մէջ մնալ: Այս կ՛ըսեմ ոչ իբրեւ «քննադատութիւն, մեղադրանք, յեգնան՝ ուղղուած իշխանութեան հասցէին»: Այս կ՛ըսեմ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ մղուող ձախող մարտավարութեան ծիրին մէջ: Այս կ՛ըսեմ սիրտս հանգիստ, համաճարակի առաջին օրերէն ձայնս բարձրացնող եւ գործօն մասնակցութիւն բերած հայորդիի մը դիրքերէն (տեսնել՝ «Ասպարէզ»ի եւ «Armenian Weekly»ի մէջ հրապարակուած յօդուածներս):
Նախ նշեմ, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը փորձեց պայքարիլ համաճարակին դէմ՝ կեդրոնանալով տարբեր միջոցառումներու վրայ, ինչպէս՝ քննութիւններու գործարկում, վարակեալներու մեկուսացում, սահմաններու փակում եւ ընդհանրապէս առողջապահական համակարգի կարողութիուններու ընդլայնում: Բայց երբ հիւանդութեան տարածումը կառավարելու կարողութեան ակնոցով կը դիտենք, կը տեսնենք, թէ որոշ երկիրներ ուրիշներէ աւելի լաւ են: 2.5էն 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրներու պարագային, Հայաստանը վարակման պարագայններու թիւի հաշուարկով 2րդ տեղը կը գրաւէ (տես ցուցակ 1): Հայաստան այսօրուան հաշուարկով՝ աշխարհի 37րդ երկիրն է, եթէ մահերու թիւը մէկ միլիոն բնակիչի հաշիւով չափենք: Հայսատանի Covid-19ի մահացութեան մակարդակը մինչեւ օրս 1.5 տոկոսէ, իսկ մեր տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը իր 2 դրացիներուն անցաւ վարակեալներու հաշիւով (տես ցուցակ 2):
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏՀԱԼՃԵԱՆ