Հայ հեղափոխական դաշնակցության Արևմտյան Եվրոպական Կենտրոնական կոմիտեն ցավակցություն է հայտնել ֆրանսահայ ականավոր քաղաքական գործիչ Պատրիկ Դևեջյանի մահվան կապակցությամբ։
«Քորոնա ժահրը այս առաւօտ խլեց կեանքը Ֆրանսայի քաղաքական բեմի փայլուն դէմքերէն, արդարութեան նախկին նախարար, նախկին երեսփոխան եւ Անթոնիի քաղաքապետ, Hauts de Seine-ի նահանգապետ, անուանի փաստաբան եւ Հայ Դատի, Հայաստանի ու հայութեան անխոնջ նուիրեալ ՓԱԹՐԻՔ ՏԷՒԷՃԵԱՆ-ի"
Կարկառուն գործիչը իրաւամբ, միշտ գտնուած է ֆրանսահայ համայնքի մղած ազգային-քաղաքական հաւաքական պայքարներու առաջին գիծին վրայ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:
Սակայն, յանուն Հայ Դատի պայքարի անոր մեծագոյն ներդրումը եղաւ 1982 թուականին, Էքս-Ան-Փրովանսի մէջ Հրայր Քիլինճեանի պատմական դատավարութեան ընթացքին իբրեւ փաստաբան իր տիրական պաշտպանութիւնը` հանրածանօթ մեթր Հանրի Լըքլէրի կողքին, որուն շնորհիւ « Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»-ու կողմէ Զուիցերիոյ թուրք դեսպանին ահաբեկման ամբաստանութեամբ ձերբակալուած եւ բանտարկուած Հրայր Քիլինճեան անպարտ կը հռչակուէր եւ ազատ կ‘արձակուէր:
Փաթրիք Տէւէճեան իր նկատառելի ներդրումը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի զարգացման ու բարգաւաճման գործընթացին մէջ, յատկապէս երկրագործական ու գիւղատնտեսական մեծ օժանդակութիւններ տրամադրելով ու ապահովելով Տաւուշի մարզին:
Հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ֆրանսահայութիւնը մասնաւորապէս կը կորսնցնէ ու կը սգայ իր արժանաւոր զաւակին մահը:
Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք մեր համայնքին, ինչպէս նաեւ` Տէւէճեան ընտանիքին ու բոլոր հարազատներուն»։